Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմը վերջերս հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Հրայր Ճէպէճեանը, որ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան քարտուղարն է։
Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի երդիքին տակ հաճելի ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Հրայր Ճէպէճեանի մասնակցութեամբ։ «Պըլըքտանեան» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեանի։ Ներկայ էին թեմական իշխանութենէն ներկայացուցիչներ, տեղւոյն Կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ Գուսան Գերապայծառ եւ մշակութասէր համայնքայիններ։ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ընդգծեց, որ օտարացումի ճանապարհը բռնած հայերուն տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն դէպի Հայաստան այցելութիւնները։ Սա առիթ մը կ՚ըլլայ, որպէսզի անոնց մէջ արթննայ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ վերադարձ մը ըլլայ դէպի իրենց ակունքները։