Գեղանկարիչ, արուեստի ուսուցիչ Վիգէն Շարոյեան ծնած է Հալէպ: Մինչեւ 1978 կը յաճախէ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան:
1980-1985 թթ. կը պաշտօնավարէ Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանին եւ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին մէջ, որպէս արուեստի ուսուցիչ դասաւանդելով նկարչութիւն եւ ձեռարուեստ:
1995 Փարիզի մէջ կը հետեւի հիւսուածեղէնի համակարգչային կրաֆիք տիզայնի արդիական ձեւաւորման ծրագիրներու:
Վիգէն Շարոյեանի գեղանկարչութեան ոճը կարելի է բնութագրել, որ իր մօտ բնութիւնը երազային է ու անկոխ, դաշտերը թաւշային, երկինքը թափանցիկ, տուները սիրայորդ…
Թէեւ գեղանկարիչը կ՛ապրի չոր քաղաքի մը մէջ բայց կը զգայ բնութեան տարերքը եւ անոր հիւթը, ու կ՛օրօրուի անոր գիրկին մէջ, ստեղծելով իւրայատուկ գոյներու երանգաւորում եւ ուրոյն երաժշտականութիւն: Փոքրածաւալ իր գծանկարները մեծ են իր բնութապաշտութեամբ:
1984-էն սկսեալ Վիգէն Շարոյեան կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսներու.-
1984 եւ 1985-ին Սուրիոյ Զինուժի հաւաքական ցուցահանդէս – Հալէպի Թանգարան: 1986-ին Կերպարուեստի հաւաքական ցուցահանդէս – Հալէպի Համազգային Միութեան հովանաւորութեամբ:
1995 – 1996 -1997-ին՝ ԱՇՈՒՆ 95, ԱՇՈՒՆ 96 եւ ԱՇՈՒՆ 97 Սուրիոյ Արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:
1998-ին Արշիլ Կորքիի նուիրուած ցուցահանդէս: 1998-1999-ին Ստուերներ Սուրիոյ Հայ համայնքի Արուեստագէտներու:
1999-ին Sestet Երեւան: 1999-ին ԱՇՈՒՆ 99: 2001-ին ԱՇՈՒՆ 2001
Գեղանկարիչ Վիգէն Շարոյեան անդամ է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան:
Թղթակցութիւն՝ Ռատիո ԱՅԳ