«Ազգ մը կը ստեղծագործէ երաժշտութիւնը, իսկ երաժշտագէտը , միայն կարգի կը բերէ զայն»։ Միքայէլ Կլինքա
Գրեց ՝ Զարմինէ Պօղոսեան
1903 Մարտ ԵՐԵՔԻՆ, Կեսարիոյ շրջանի գիւղերէն մին, 300 տուն հայութիւն հաշուող Չոմախլուի Ասատուրեան գերդաստանը տօնական բացառիկ տրամադրութեան մէջ էր։ Յովհաննէս եւ Հանըմ Ասատուրեան-ները հինգ աղջիկ զաւակէ ետք շունչ կ՛առնէին, Աստուծոյ փառք տալով որ որդի մը նուէր եկած էր, Ասատուրեան տոհմին անունը արժանի դարձուցած էր կորուստէ փրկելու։
Արգէոս լերան փէշերուն ապրող, Մաժակ Գաւառի Չոմախլու գիւղին հայահոծ բնակիչները, հողին կապուած, վար ու ցանքով ապրուստ պահող բարի ազնիւ մարդիկ էին ընդհանրապէս։ Յակոբ կը ծնի բարեկենդանին յաջորդ օրը- փախլախորանէն մէկ օր վերջ։ Հայրիկ Յովհաննէսին ծնողական ուրախութիւնը երկար չի տեւեր սակայն։ Նորածին Յակոբին մանկական ճռուողիւնով լեցնող ներկայութիւնը հազիւ երեք տարի վայելելէ ետք, ետին կը թողու Հանըմը իր վեց զաւակներով։ Ասատուրեան զարմը սերունդէ սերունդ փոխանցելու պարտականութիւնը ուսերուն դրուած յոյսերով լի աշխարհ եկող մինուճար Յակոբը կը մնայ որբ՝ ապրելու, յարատեւելու եւ․․․դիմանալու յոյսին։
Հայրիկ Յովհաննէսը ի՜՜նչ իմանար որ իր մինուճարը երկրագունդի ո՞ր երկինքներուն տակ պիտի լուսցնէր իրեն վիճակուած գալիք տարիները։ Գիւղին Խրիմեան վարժարանը տակաւին չլրացուցած վրայ կը հասնին 1915-ի Ցեղասպանութեան – Մեծ Եղեռնի տարագրութեան տարիները։ Անապատ քշուող կարաւանին հետ 39 օր հետիոտն կը քալեն եւ Հալէպ հասնելէն ետք բեռնատար կառաշարով մը կը քշուին անապատ։
Այդ խառնիճաղանճին ու քաոսական վիճակին մէջ ինչ-ինչ հարազատներ զիրար կը կորսնցնեն։ Անպաշտպան, մինուճարով տագնապող մայրը աչքերը փակելէ առաջ երեք պատգամ կը թողու իր որդւոյն-
Ա- Վերադառնալ գիւղ-վերադարձի ճամբուն երկայնքին անթաղ մեռելներուն վրայ ափ մը հող նետելով ․․․ եւ Տիրամօր պատկերին առաջ աղօթելով յիշել մայրը։
Բ– Կեր փնտռող ճնճղուկներուն հացի փշրանք ու ջուր տալ, այս աշխարհէն անօթի ու ծարաւ մեկնած քոյրերը յիշելով։
Գ– Հայրական տոհմը շարունակելու բաղձանքով նորածին որդին մկրտել Յովհաննէս՝ հօրը անունով։
Հանըմ Ասատուրեան 12 օր չկերաւ․․․ անզօր ձայնով սակայն ցեղին հաւատքով երկինք նայելով շշնչաց– «Տղաս, պիտի՛ ապրիս, ապրի՛ս․․․․․․․»
Յակոբ ԱՊՐԵՑԱ՛Ւ․․․ մօրը ձայնը ականջին, անճիտուող իր տոհմին ապրելու տենչը իր երակներուն մէջ․․․
Իր բազմանդամ ընտանիքէն հրաշքով կը վերապրին Յակոբն ու քոյրերէն միայն մէ՛կը- Աղաւնին։ (Ոսկի, Պայծառ..)
1998-ի աշնան- որոշ ժամանակ քոյր-եղբայր զիրար կը կորսնցնեն, ապա կը գտնեն Երուսաղէմի մէջ։ Այդ սեւ օրերուն նախախնամական դեր կը կատարէ ՀԲԸՄ-ի որբանոցը։ Որբանոցին հետ Երուսաղէմէն կը փոխադրուի Փորթ Սայիտ, Եգիպտոս, ապա Մերսին՝ Կիլիկիա։ 1920-ին որբանոցէն կը բաժնուի եւ ամերիկաբնակ հօրեղբոր միջոցաւ կը հասնի Միացեալ Նահանգներ։ Պատկերացուցէք մղոնային ճանապարհորդութիւնը Կեսարիա-Չոմախլուէն՝ Հալէպ, Երուսաղէմ, Փորթ Սայիտ, Մերսին, Ամերիկա․․․ եւ այդ բոլորը իր մանկա-պատանեկան տարիներուն ապրած իր փորձառութիւններուն զուգահեռ նկատի առնելով ժամանակաշրջանային պատմական իրադարձութիւններն ու շրջապատի տիրող պայմանները․․․
Գիշերային դասընթացքներով, ինքնաշխատութեամբ, գրադարաններէն գիրք կարդալով կը տիրապետէ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներուն։ Համալսարանական կրթութիւն ստանալու երազներով կ՛արձանագրուի Գոլումպիա համալսարանի գիշերային դասընթացքներուն։ Այդ ալ կ՛ընդհատուի 1929-ին ամերիկեան ցնցող տնտեսական մեծ տագնապին պատճառով։
1935-ին կ՛ամուսնանայ Օրդ․ Մարթա Անասեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երկու որդիներով- Ճան եւ Րիչըրտ անուններով։
Յ․ Ասատուրեան մասամբ մը մօրը փափաքներէն մին գործադրած կ՛ըլլայ, 1965-ին Հայաստան ուխտագնացութեան մը երթալով։ 1969-ին Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 100-ամեակին առթիւ Հայաստան կը հրաւիրուի, այդ առթիւ կատարուող շքեղ հանդիսութեանց կը մասնակցի իր ելոյթներով, արժանանալով իրեն արժանի գնահատանքի։
Պրն․ Ասատուրեանի իսկ նկարագրութեամբ, Ասատուրեան գրողը «մէկ ոտքը մխրճած պահանջկոտ առօրեային մէջ եւ միւսը՝ գրականութեան ու արուեստի», մեքենականացած ամերիկեան առօրեան կ՛իմաստաւորէ իր մէջ անթեղուած աննկարագրելի պահերը արձանագրելով, Չոմախլուէն Աւետեաց երկիր՝ Ամերիկա երկարող, իր ժողովուրդին հետ կեանքի ամէնէն դժնի տաք ու պաղ օրերուն մէջ թրծուած հոգին, մանկական պայծառ յիշողութեան յստակատեսութեամբ մէկ առ մէկ իր հատորներուն ընդմէջէն աշխարհին յանձնելով։ Վկայ՝ իր 14 անուն գործերը։
Ես բախտաւորութիւնը չեմ ունեցած անձամբ վայելելու Յ․ Ասատուրեանի Կոմիտասեան մեկնաբանութիւնները՝ Ալան Յովհաննէսի նուագակցութեամբ։ Միմիայն ձայներիզի մը միջոցաւ վայելած եմ։ Սակայն երկու վկայութիւններ – մին գրաւոր, միւսն ալ այցելութեան մը առթիւ եղած խօսակցութեան ընթացքին լաւագոյնս կը վկայեն Ասատուրեան երաժիշտ-երաժշտագէտի ամենանուրբ զգացողութիւնը, եւ պաշտամունքի հասնող յարգանքը՝ խօսքի ու խազի ներդաշակ ու հարազատ կոմիտասեան մեկնաբանութեան։
Կոմիտասեան երգին կազմութեան մասին գրուած իր մէկ ուսումնասիրական յօդուածին մէջ անդրադառնալով – «Քա, նանա, նանի ջան,
Քա, նանա, նանի ջան․․» այս երկու տողանի երգին, որ բառ ըսուելիք բառ անգամ չունի․․․ ինչպէս կը հաստատէ Յակոբ Ասատուրեան- բառի ու խազի տրոփը զգացող Ասատուրեան՝ հոգիի՛ աչքերով մանրանկար ողբերգութիւն կը տեսնէ, որովհետեւ գիտէ՛ թէ «ի՜նչ ըսել է ՛անտիրական ու փողոցներու քար անտարբերութեան դէմ ստիպուիլ մուրալ, հացի չափ կարեւոր պճեղ մը մայրական տաքուկ սիրտ գտնելու։ Այդպիսի ընկճուած վիճակ մը պէ՞տք ունի բառերու երբ հոգի՛ն է որ կու լայ- երգին եղանակին մէջ» հարց կուտայ Նահապետը։
Երկրորդ, այցելութեան մը ընթացքին պատմուած դրուագ մըն ալ այս է երբ Պրն․ Ասատուրեան կը նկարագրէր թէ ինչպէս «Արտս Ոսկուն է»-ն պէտք էր երգուէր։ Մեզ իր հետ առաւ ու տարաւ հայրենի դաշտերուն, երբ ան սկսաւ երգել․ ․ ․
«Ցանքերուն մէջ հասակ հասակ
Տղայ մըն էր հերարձակ․․․»
Հասկերուն հասակով փոքրիկ տղեկը իր հետ վազվզել կու տար մեզի հասկերուն մէջէն եւ մեր այտերուն վրայ զգացնելով անոնց քնքոյշ շոյանքն ու խտխտոցը, իր հետ կենալով դիտելու հորիզոնէ հորիզոն երկարող «ոսկի արտին» ցորենով յղիացած լեցուն հասկերը, խոնարհած գլուխներով, երեկոյեան զեփիւռին հետ մեղմօրէն ու նազանքով սրսփալով։ Այս բոլորը զգացնելէ ետք հարց կու տար մեզի թէ – «Այսպիսի տող մը ի՜նչպէս կարելի է ոստոստելով երգել»։ Իսկ երբ կ՛առաջարկուի իրեն ա՛յդպէս երգել, կը մերժէ ելոյթ ունենալ, հոգ չէ թէ թելադրողը մեզմէ շատերուն ծանօթ հեղինակաւոր անուն՝ Շահան Պէրպէրեանն էր։
«․ ․ ․ ես ոչ գրական եւ ոչ ալ երաժշտագիտական որեւէ հաստատութեան դուռէն չեմ անցած, չունիմ որեւէ տիտղոս անունիս ետեւը։ Հետեւաբար, չեմ սնուցաներ մեծ յաւակնութիւններ։ Կ՛ուզեմ մնալ իմ անկիւնիս մէջ։ Իմինս, ինքնուս մարդու յամառ սիրովն ու քրտինքովը շահուած հալալ աշխատանքի վաստակն է հազիւ»։
Յակոբ Ասատուրեան Մարդուն պատկառելի վաստակին, լեզուի գեղեցկութեան, մտքերու յստակութեամբ յատկանշուող իր հարուստ գրականութեան ծանօթանալէ ետք, «ԻՆՔՆՈՒՍ» բա՛ռն անգամ նոր իմաստ կը հագնի։
Ասատուրեանի վերոնշեալ խօսքերն ու անձին օրինակը ո՛չ միայն համեստութեան դաս է մեր օրերու չափանիշերով բոլոր տիտղոսաւոր ու անտիտղոս մահկանացուներուն, այլ նաեւ՝ չափանիշ սահմանող բոլոր օրէնքներն ու տեսութիւնները կը ջրէ։
Անդարձ գացողներուն կեանքը յաւերժութեան յանձնող, անձնական վիշտէ վեր հաւաքական վիշտի բուվառողն է ան։
Մեր անկիւնին մէջ մնալու լաւագոյն դասը իւրացնելու փորձով չեմ համարձակիր ուրիշ ձեւով գովերգելու մեր Նահապետին վաստակը, այլ կ՛ապաւինիմ ի՛ր իսկ խօսքերուն անմահն Կոմիտասին նուիրած իր մէկ քառեակին բառերով-
Մատներուդ ծայրէն դարեր կը հոսին,
Մենք ապրումներուդ գերին ենք, Վարպե՛տ,
Հոռովելներէդ սարեր կը խօսին,
Ձայնիդ անարժան քուրմերն ենք, ՆԱՀԱՊԵՏ․․․
* * * * *
Մարգարիտ Բրուտեան Ասատուրեանին նուիրուած իր մենագրութեան մէջ կ՛ըսէ-
«Օտարը որսացել է Կոմիտասի Հանճարը, իսկ Ասատուրեանը հասցրել է մեզ, երգահանի յօրինողական կարողութիւնն ու վարպետութիւնը դարձրել է ուշադրութեան առարկան, որոնք ի բնէ քիչերին է տրուած, եւ որոնց անունը նոյնն է՝ ՀՈԳԻ, ՈԳԻ, ԷՈՒԹԻՒՆ, ՀՈՂ, ու ԱՐԻՒՆ»։
Իր ամբողջ էութեամբ մեր բոլորին հոգիին ու ոգիին իմաստը մեկնաբանող, արեան կանչով մեզ հողին կապող` Հայոց Նահապետ, բանաստեղծ, արձակագիր եւ երաժշտագետ Յակոբ Ասատուրեան իր մահկանացուն կնքեց 11 Օգոստոս 2003 -ին Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ:
Գրեց ՝ Զարմինէ Պօղոսեան